2014-11-12 08:24:13

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին կոչը հզօր 20 մեծ պետութիւններու անդամներուն` ''կեանքերը վտանգին մէջ են, հարկաւոր է գործել սկզբնային յայտարարութիւններէն անդին''։


(Ռ.Վ. 12 նոյեմբեր 2014) Յառաջիկայ 15-16 Նոյեմբեր 2014-ին, տնտեսապէս հզօր 20 մեծ պետութիւններու վեհաժողովը տեղի պիտի ունենայ Աւստրալիոյ Բրիզպան քաղաքին մէջ։ Վեհաժողովին նիւթն է` ''աշխարհի տնտեսական աճումը''։
Այս առթիւ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը նամակ մը յղած է Աւստրալիոյ նախարարապետ Թոնի Աբոթին, որով կը խրախուսէ երկրագունդի գլխաւոր ու տնտեսապէս հզօրագոյն երկիրներու կառավարիչները որ չբաւականան սկզբնային յայտարարութիւններ կատարելէ, քանի բազմաթիւ կեանքեր վտանգի մէջ են։ Սրբազան Հայրը, պատգամին մէջ խնդրած է դադրեցնել Միջին Արեւելքի փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած հալածանքն ու սպանդը։
Գրելով Սուրիոյ եւ Իրաքի ներկայ իրավիճակին մասին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը դիտել կու տայ որ լուծումը պէտք չէ փնտռել զէնքի ոյժով այլ վերջ դնելով ահաբեկիչ խումբերու ներգործութիւններուն։ Այս վերջինները քաղաքական նեցուկ կը վայելեն եւ կը ֆինանսաւորուին քարիւղի ապօրէնի առեւտուրի միջոցաւ, եւ հեշտութեամբ արդի զէնքեր կը գտնեն։
Սրբազան Քահանայապետը հզօրագոյն 20 պետութիւններէն նաեւ կը խնդրէ, մտահոգուիլ ու պաշտպանել բոլոր երկիրներու քաղաքացիները, որոնք յաճախ զոհ են ֆինանսական զեղծումներու դրութենէն։ Հրամայական է արժանաւոր ու մնայուն աշխատանք հայթայթել բոլորին եւ մասնաւորապէս երիտասարդներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ իր նամակին մէջ կը խօսի բնապահպանութեան մասին։
Նշենք որ 2013-ի վեհաժողովին, որ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ մէջ, նախագահ Վլատիմիր Փուդինին յղած նամակին մէջ Քահանայապետը խնդրած էր բանակցութեան ճամբով լուծում գտնել Սուրիոյ իրավիճակին, առանց դիմելու զէնքի ոյժին։








All the contents on this site are copyrighted ©.